2015-01-20 11:04:05

Կարդինալ Թակլէի ողջերթի ուղերձը` Սրբազան Հայր , քեզի հետ կու գանք։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը ու Մանիլայի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Թակլէ`Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուղղած իր ողջերթի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով ֆրանչիսկոս Պապին Ֆիլիփինեան կղզեխումբ երեք օրուայ այցելութեան համար ըսաւ` ''Սրբազան Հայր դուք յաճախ ձեր ժողովները, հանդիպումները կ’աւարտէք ըսելով` Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Մենք Ֆիլիփինցիներս կը խոստանանք ձեզի համար աղօթել։ Նորին Սրբութիւն, Դուք օրհնեալ էք։ Յիսուս ձեզի համար կ’աղօթէ, մենք, ձեր սիրեցեալ Ֆիլիփինցիները, կը միանանք Յիսուսի աղօթքին, մեր աղօթքը Հօր Աստուծոյ ներկայացնելու։ Ամէն Ֆիլիփինցի կ’ուզէ ձեզի հետ երթալ, ոչ թէ Հռոմ , այլ դէպի արուարձաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.